2011-10-10 13:32:43

Աշխարհականները` Այր Թէ Կին, Իրենց Տեղը Ունին Եկեղեցւոյ Մէջ։


Աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` կարտինալ Ռիլքօ Վատիկանի օրաթերթին մէջ հրատարակած մէկ յօդուածով մաղթանք յայտնած է որ մեծ թիւով հաւատացեալ աշխարհականներ` այր թէ կին, գիտակից ըլլան իրենց պատասխանատուութեան եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ։ Ով որ Քրիստոսը ճանչցած է կը գրէ կարտինալ Ռիլքօ, պարտականութիւնը ունի Քրիստոսը ճանչնցնելու, եւ ով որ չէ ճանչցած Քրիստոսը իրաւունք ունի լսելու այս աւետիսը։ Ամէն կնքուածի մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ Քրիստոսը ճանչցնելը։








All the contents on this site are copyrighted ©.